2015-12-11 09:18:00

Սուրիական տագնապին վերաբերող քննարկումներ` Ժընեւի մէջ


Ուրբաթ, 11 դեկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ տագնապին վերաբերող բանակցութիւններ` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ¬ի մասնակցութեամբ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ռուսիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իր պատկերացումը պիտի ներկայացնէ: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցիչը դիտել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն ուրուագծել զինադադարի հաստատման ուղիները:

Բայց եւ այնպէս Ժընեւի հանդիպումին անձամբ պիտի չմասնակցին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները` Ճոն Քերրի եւ Սերկէյ Լաւրով, որոնք, ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ճոն Քերրի 10 դեկտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակիցներուն հետ: Անկէ ետք նախարար Քերրի յայտարարած է, որ 18 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած, Սուրիոյ վերաբերող հանդիպումին կայացումը տակաւին չէ հաստատուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.